Կիրակնօրեայ Խօսքը. Ժամանակին Մէջ` Սլացքով Յաւերժութեան…
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կը տօնենք Մարիամ Աստուածամօր վերափոխումը, որ մեր Սուրբ եկեղեցիին
հինգ տաղաւարներէն, այսինքն աւագ-մեծագոյն տօներէն մին է: Գիտնալու ես, որ Աստուածածնին
հրաշափառ վերափոխումը մեր կրօնին աստուածային ճշմարտութիւններէն մին է, «տոկմա»-ն, այսինքն
յայտնեալ եւ անյետսկոչելի վարդապետութիւնն է մեր քրիստոնէական հաւատքին: Այս ճշմարտութիւնը
կը բովանդակէ յաջորդ երեք խորհուրդները, որոնք կը սկսին իրենց պատմական ընթացքով` աւարտելու
համար երկնապատկան տուեալներով: Ինչպէս որ ժամանակը կը ծորի յաւիտենականութեան մէջ եւ
միայն այսպէս կը դառնայ անոր մէկ տարրը, նոյնպէս պատմութիւնը, որ կը յանգի աստուածայինին,
կը զգենու տարազը յաւերժութեան: Առաջին, Մարիամ` Տիրամարը, վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ,
ինչպէս անոր Որդին` Յիսուս մեռաւ եւ գերեզմանուեցաւ: Մենք ալ պիտի մեռնինք ու թաղուինք:
Անբեկանելի եւ անյետսկոչելի իրողութիւնն է այս: Ուստի չվախնա՛նք մահէն, այլ հրճուի՛նք,
քանի նմանատիպ պիտի ըլլանք Աստուածամօր եւ Աստուածամարդուն: Երկրորդ, Մարիամ` Կուսամայրը,
իր թաղումէն ետք վերափոխուեցաւ արքայութիւն, այսինքն հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ տարուեցաւ երկրէն
երկինք, ինչպէս Որդին` Քրիստոս յարութիւն առաւ հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ, ապա համբարձաւ երկրէն
երկինք: Մենք ալ, եթէ վախճանած ենք «Աստուծոյ շնորհքին», այսինքն` Տիրոջ բարեկամութեան
մէջ, արժանի պիտի ըլլանք հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ յառնելու, համբառնալու եւ վերափոխուելու
Կուսամօր ու կուսածին Քրիստոսի հետ: Երրորդ, Մարիամ` Անարատ Յղացեալը, երէկ, այսօր
եւ աշխարհի կատարածէն անդին մինչեւ յաւերժութիւնը` Ամենասուրբ Երրորդութեան փառքով օժտուած
Թագուհին է երկնքին եւ երկրին` իր Որդիին անմահութեան մէջ, որ բազմած է Հօր աջակողմը: Մենք
ալ` Աստուծոյ շնորհքին ու Տիրոջ բարեկամութեան մէջ լուսաւորեալ հոգիո՛վ եւ մարմնո՛վ օժտուածներս,
Աստուածային Երեք Անձերէն պիտի ընդունուինք անոնց երկնային յարկին մէջ, որուն ընտանիքին
Մայրն է Մարիամ: Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ
Մարիամ ընդունեց, ինչ որ միայն Աստուած կրնայ տալ, ինչպէս նաեւ Տիրոջ խոստումները իրենց
լրումին հասան Մարիամի համար, եւ այն` բոլոր ակնկալութիւններէն անդին ու ինչպէս միշտ`
բոլոր սպասումներէն վեր: Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու
ենք, թէ Յիսուս բացարձակ իրաւունքով էր իր հարազատ Մայրն ունենալու հետն ու քովը ճիշդ
այնպէս, ինչպէս Ինքն իր Հօր հետը եւ քովն է` փառաւորեալ հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ: Վերափոխման
ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու ենք, թէ Քրիստոս, որդիական պարզութեամբ
եւ աներկբայութեամբ, իր անզուգական Մայրը ուզեց տեսնել իր կողքին, հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ,
իր փառքին եւ անմահութեան մէջ: Վերափոխման ճշմարտութեան բովանդակութեան դիմաց հաստատելու
ենք, թէ իրականացած է այս սուրբգրային խօսքը. «Ամբողջովին գեղեցիկ ես, մերձաւոր իմ,
եւ քու մէջդ արատ չկայ: Գա՛ս եւ անցընե՛ս հաւատքի գլուխիդ թագը գեղեցկութեան, սիրելիութեան,
փառաւորութեան ու յաւերժութեան (Ե. Ե. 4, 7, 8) : Աստուածաշունչին ու Սուրբ Աւանդութեան
«հաւատքի հասարակաց ինչքն» ըլլալով հանդերձ, Մարիամի վերափոխումը տրամաբանական հետեւանքն
է անոր կոչումին եւ կեանքին այս աշխարհին մէջ: Մարիամի աստուածամայրութիւնը լման ներդաշնակութիւնն
ունի անոր վերափոխման հետ, ինչպէս Մարիամի անարատ յղութիւնը, մշտական կուսութիւնը: Այսինքն,
եթէ Մարիամ չըլլար աստուածամայրը, ինքնաբերաբար պիտի չըլլար նաեւ անարատ յղացեալ, շնորհալից,
մշտական կոյս, վերափոխուած Ընտրեալը եւ պսադրուած Դշխոն: Մարիամի Փրչակցութիւնն ալ
լման ներդաշնակութիւնն ունի անոր վերափոխման հետ, ինչպէս` Մարիամի միջնորդութիւնը, բարեխօսութիւնն
ու փաստաբանութիւնը: Այսինքն` եթէ Մարիամ չըլլար Փրկչակիցը, ինքնաբերաբար պիտի չըլլար
նաեւ միջնորդ, բարեխօս ու փաստաբան Մայրը մարդերուն: Մեր սուրբերուն, հայրապետներուն
եւ մատենագիրներուն հետ մենք կը հարցնենք, թէ ինչպէ՞ս կրնար գերեզմանին փտութեան ենթարկուիլ
այն մարմինը, որուն մէջ Աստուածային «Բանը մարմնացաւ»… Կամ` այն մարմինը, որ ազատագրուած
էր մեղքին իշխանութենէն… Կամ` այն մարմինը, որ ամբողջովին եւ միայն կը պատկանի Մարիամի
կուսական յղութեամբ ու ծննդաբերութեամբ լոյս աշխարհ եկած Աստուածամարդուն եւ անոր առաքելութեան…: Մեր
սուրբերուն, հայրապետներուն եւ մատենագիրներուն հետ այս հարցումներն ընողներս կը հաւատանք
անոնց սրտով ու մտքով, ինչպէս ալ մեր տրամաբանութեամբ, թէ Մարիամ` անարատ յղացեալը, աստուածամայրը
եւ մշտական Կոյսն իր հոգիո՛վ ու մարմնո՛վ վերափոխուեցաւ երկինք: Մեր ամենաժողովրդական
սուրբերէն մին է Ներսէս Շնորհալի, որուն «Փոխման Աստուածածնի» տաղէն այս երկու քառեակները
կ’ընդունինք ու կը խնդակցինք: «Անմարմնականքըն վայր իջեալ, Զգերեզմանաւն պար առեալ,
Ծագմամբ լուսոյ երգել երգ նոր` Զերիս աւուրս ոչ լռելով: Նոքին զմարմինն սուրբ առեալ,
Հրեղէն կառօք վեր համբարձեալ Ի լուսաճեմ ղորանս վերին, Յեղանակաց անմըտելին»: Այս
հաւատքը կ՛ըսէ մեզի, որ թէպէտ վերափոխումը առանձնաշնորհումն է` Աստուծմէ տրուած միայն
Մարիամին, բայց եւ այնպէս այս մենաշնորհը չի բաժներ մեզմէ Մարիամը, այլ բոլորովին գործակցելով
Որդիին` Մարիամ Սիրամայրը թէ՛ կը վերանորոգէ «մեր հոգիներուն մէջ գերբնական կեանքը» եւ
թէ՛ կը դառնայ ստոյգ երաշխիքը մեր հոգեկան ու մարմնական վերափոխումին Տիրոջ արքայութեան
մէջ: Աղօթքս եւ մաղթանքս է, որ դուն, ան եւ ես` մենք ըլլանք եկեղեցիին եւ մեր սուրբերուն
հետ` դաւանելով Տիրամօր փոխումը եւ այսպէս արժանանանք մեր Մօր տեսութեան երկնքին մէջ: